Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կարճած է «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի դէմ յարուցուած քրէական գործը։
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 15-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր Արթուր Վանեցեանին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Վահրամ Պաղտասարեանին եւ Սիսիանի ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանին (Աշոտ Երկաթ)։
Մեղադրանքը առաջադրուած էր քրէական օրէնսգրքի 35-300-րդ յօդուածի 1-ին մասի (իշխանութեան իւրացման նախապատրաստման), 35-305-րդ յօդուածի (պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի գործունէութիւնը դադրեցնելու նպատակով սպանութեան նախապատրաստման) եւ 235-րդ յօդուածի (ապօրինի զէնք զինամթերք պահելու) կասկածանքով։