ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Սարգսեանը զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն։
Ազգային Ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Նարեկ Բաբայեանը հրապարակեց փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները։
Ըստ այդմ` Արթուր Սարգսեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդագիրը բաւարարելուն կողմ քուէարկած է 62 պատգամաւոր, դէմ՝ 0։
Ազգային ժողովը քննած է նաեւ Սարգսեանը ազատութենէ զրկելուն համաձայնութիւն տալու միջնորդութիւնը։
ՀՀ Ազգային ժողովը բաւարարած է գլխաւոր դատախազի միջնորդագիրը՝ համաձայնութիւն տալով «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Սարգսեանը ազատութենէ զրկելուն։
Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն 62-ը կողմ քուէարկած են գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան։ Նշենք, որ Սարգսեանի հարցի քննարկման եւ քուէարկութեան ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն մասնակցած։
Հիմա արդէն Արթուր Սարգսեանի կալանաւորման միջնորդութիւնը պիտի քննէ դատարանը։
Նշենք, որ մինչ Ազգային Ժողովը կը քննէր Սարգսեանը ազատութենէ զրկելու միջնորդութեան համաձայնութիւն տալու հարցը, Արթուր Սարգսեանն իր կամքով Քննչական կոմիտէ եկած էր՝ վստահութեամբ, որ կալանաւորման որոշումն արդէն վաղուց կայ։
Նշենք, որ Արթուր Սարգսեանին կը մեղսագրուին ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 43-308 յօդուածի (ահաբեկչութեան նախապատրաստում) 1-ին մասով եւ 43-419 յօդուածի (իշխանութեան զաւթման նախապատրաստում) 1-ին մասով գործողութիւններ։
Սարգսեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում նախաձեռնելու միջնորդութիւնը «Սրբազան պայքար» շարժման ղեկավարներու եւ մասնակիցներու կողմէ ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս է։