Երեւանի մեթրոփոլիթէնի մէջ խուլիկանութիւն կատարելու համար ձերբակալուածներէն չորսը`Ռուսիոյ Դաշնութեան, մէկը՝ Լիթվայի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են։ Այս մասին յայտնած են «Արմէնփրէս»-ի աղբիւրները։
Այսօր` աւելի վաղ, Երեւանի քաղաքապետարանի գործակարգավարական խորհրդակցութեան ժամանակ Երեւանի մեթրոփոլիթէնի տնօրէն Բաբգէն Սեդրակեանը յայտնած էր, որ «Սասունցի Դաւիթ» կայարանէն դէպի «Զօրավար Անդրանիկ» երթեւեկող գնացքն արտակարգ կանգառ կատարած է։ Բաց տարածքին մէջ 4-5 հոգի անցած է պատն ու ներկած գնացքը։
Այնուհետեւ դէպքի առնչութեամբ Ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ նշուած էր, որ փետրուար 1-ին՝ երեկոյեան ժամը 21:32-ին, արագարձագանգման կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարաններու միջակայքին մէջ դիմակաւորուած անձինք ներկած են գնացքի վակոնները։
Կարճ ժամանակ անց ստացուած է երկրորդ ահազանգը, որ նոյն անձինք քարեր նետած են գնացքի ուղղութեամբ՝ խոչընդոտելով ատոր շարժը։ Դէպքի վայր ժամանած խումբը պարզած է, որ խուլիկանները նախապէս գործի դրած են գնացքի «վթարային կանգառ» բռնակը։ Շարժակազմի կանգառէն ետք անոնք, մագլցելով պատը, մօտեցած եւ ներկով վնասած են ուղեւորատար գնացքի վակոնները։
Իրաւապահները բացայայտած են յանցագործներու ինքնութիւնը։ Մեթրոփոլիթէնի համայնքային ոստիկանութեան բաժնի աշխատակիցները, համագործակցելով ԱԱԾ-ի եւ Նոյեմբերեանի համայնքային ոստիկանութեան հետ, խուլիկանութեան կասկածանքով ձերբակալած են հինգ օտարերկրացի, որոնք փորձած են հատել Բագրատաշէնի սահմանային անցակէտը։ Ձերբակալուածները փոխանցուած են Էրեբունի եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժին։