image
Հրատապ լուրեր:

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ․ Խանճեան փողոցի վրայ նռնակ յայտնաբերուած է

Արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ․ Խանճեան փողոցի վրայ նռնակ յայտնաբերուած է

Երեւանի Խանճեան փողոցի թիւ 7 շէնքի բակին մէջ նռնակ յայտնաբերուած է: Այս մասին 21 յուլիսին, ժամը 09։00-ին տեղեկութիւն ստացած է Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան վարչութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու հաւաքական կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորական ջոկատը:

Սակրաւորները յայտնաբերած են Ֆ-1 տեսակի նռնակ, որ տեղւոյն վրայ վնասազերծուած է եւ յանձնուած է ոստիկանութեան աշխատակիցներուն։