image

Արտակարգ դէպք Արարատի մարզին մէջ. Ինքնահողի մասնակցած 15 անձեր փոխադրուած են հիւանդանոց

Արտակարգ դէպք Արարատի մարզին մէջ. Ինքնահողի մասնակցած 15 անձեր փոխադրուած են հիւանդանոց

SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ 9 օգոստոսին, Արարատի մարզին մէջ տեղի ունեցած այգալացի (ինքնահող) արարողութեան ժամանակ դեռ չպարզուած սննդամթերք օգտագործելու հետեւանքով խումբ մը քաղաքացիներ «սննդային թունաւորում հարցականով» ախտորոշմամբ Վետիի եւ Արարատի բժշկական կեդրոններ տեղափոխուած են:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ Վետիի հիւանդանոց տեղափոխուած են Նոյակերտ գիւղի բնակիչներ 57-ամեայ Սարգիս Ղ.-ն, 52-ամեայ Հերիքնազ Բ.-ն, Վետի քաղաքի բնակիչներ, 21-ամեայ Վոլոտա Վ.-ն, 18-ամեայ Լուսինէ Վ.-ն, 42-ամեայ Աննա Հ.-ն, իսկ «սուր սննդային թունաւորում, ջրազրկում» ախտորոշմամբ «Արարատ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են Արարատ քաղաքի բնակիչներ, 34-ամեայ Սերեոժա Հ.-ն, 42-ամեայ Արգամ Ք.-ն, 12-ամեայ Վարդան Ք.-ն, 36-ամեայ Կարինէ Ք.-ն, 14-ամեայ Հռիփսիմէ Ք.-ն, 28-ամեայ Լուսինէ Մ.-ն, Նոյակերտ գիւղի բնակիչներ, 35-ամեայ Հերմինէ Մ.-ն, 58-ամեայ Լալա Մ.-ն, Արարատ քաղաքի բնակիչ, 3-ամեայ Արեգնազ Մ.-ն եւ Ոսկետափ գիւղի բնակիչ, 40-ամեայ Տաթեւիկ Պ.-ն:

Արարատի ոստիկանները պարզած են, որ նշուած անձինք թունաւորուած են նոյն օրը՝ ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Ս. Հայրապետեանի տան մէջ՝ ինքնահողի արարողութեան մասնակցելու ժամանակ:

Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Արարատի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին: