image

Պոլիս. Հայազգի պատանիներ այս տարի պիտի հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Յունաց ամրան ճամբարին մէջ 

Պոլիս. Հայազգի պատանիներ այս տարի պիտի հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Յունաց ամրան ճամբարին մէջ 

Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս կը մնայ փակ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ դարձեալ միջանկեալ լուծման նշանակութեամբ կարգադրութիւն մը կատարուած է՝ քաղաքի յոյն համայնքին հետ համագործակցութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

Գնալըի Կազդուրման Կայանը երեք տարիէ ի վեր փակ կը մնայ նորոգութիւններու պատճառով, բայց այլընտրանքներ կը փնտռուին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի խումբ մը աշակերտներ Օգոստոսին հիւրընկալուած էին Յունաց վանքին մէջ։ Այս տարի ալ այդպիսի կարելիութիւն մը կը ստեղծուի՝ հասարակաց մշակոյթի գծով։

Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ արտօնութեամբ, նաեւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւի հովանաւորութեամբ, անցեալ տարի աշակերտական ճամբար մը կազմակերպուած էր։ Ճամբարը այս տարի ալ պիտի կազմակերպուի։ 11-19 Օգոստոս 2025 թուականներուն միջեւ, յոյն մանուկներու «Պետօպոլիս Պրոտիս» ճամբարին տնօրինութեամբ եւ Տիամանտիս Գոմպոպուլոսի հրաւէրով հայ տղաքը ճամբարային կեանքի փորձառութիւն մը պիտի ապրին։ Յունաց վանքին մէջ ծրագրուած ճամբարը նպատակ ունի ամրապնդել մշակութային բարեկամութիւնն ու հասարակաց գիծերը։

Կազմակերպչական բոլոր գործերով կը զբաղի համայնքային գործիչ Արի Չոլաք։ 

Այս տարուայ ճամբարին պիտի մասնակցին Պէզճեան Մայր վարժարանէն՝ 4, Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան վարժարանէն՝ 4 եւ Հրանդ Տինք հայաստանեանց դպրոցէն 20 աշակերտներ՝ հայաստանեան դպրոցի 4 ուսուցիչներու հսկողութեան եւ Արի Չոլաքի պատասխանատուութեան ներքեւ։

Մասնակից աշակերտներուն ճամբարային կեանքը հետաքրքրական դարձնելու նպատակով նախատեսուած են առօրեայ միջոցառումներ։ Անցեալ տարուան պէս այս տարի ալ նուիրատուութիւններ կ'ակնկալուին՝ հոգեճաշի, պաղպաղակի կամ կղզիի ճաշարաններուն մէջ տղոց համար հիւրընկալութիւն կազմակերպելու համար։ Փափաքողներ կրնան կապ հաստատել՝ Արի Չոլաքի հետ։

Այս տարուայ ճամբարի նիւթական ծախսերը ապահովուած են ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Արէտ եւ Մօնիք Երկանեանի շնորհիւ։ Միաժամանակ Յունաց Պատրիարքարանն ալ անհրաժեշտ նիւթական օգնութեան մէկ բաժինը պիտի ապահովէ։

Արի Չոլաքի համաձայն, այս նախաձեռնութիւնը միայն ամառնային ճամբար մը չէ, այլ միաժամանակ ընկերային ու մշակութային կարեւոր քայլ մը՝ ապագայի բարեկամութեան սերմեր ցանելու տեսակէտէ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։