Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ հիասթափուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, բայց «դեռ չէ աւարտած անոր հետ գործը»։
Միեւնոյն ժամանակ ան բացայայտած է, որ չորս անգամ մտածած է, որ Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր կրնայ կնքուիլ, սակայն ի վերջոյ այդ տեղի չէ ունեցած:
«Ես հիասթափուած եմ անկէ, բայց ես դեռ չեմ աւարտած անոր հետ գործը։ Բայց հիասթափուած եմ», - BBC-ին տուած հեռախօսային հարցազրոյցին ըսած է Թրամփը։
Փութինի նկատմամբ իր վստահութեան մասին հարցին ան պատասխանած է. «Ես գրեթէ ոչ մէկուն կը վստահիմ»։
Այն հարցին, թէ ինչպէս Թրամփը պիտի համոզէ Փութինը «դադարեցնել արիւնահեղութիւնը», Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատասխանած է. «Մենք կ՚աշխատինք ատոր վրայ, Կարի»։
Յուլիս 14-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ 100% մաքսատուրք պիտի սահմանէ Ռուսիայէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ, եթէ Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները չդադրին 50 օրուան ընթացքին: Մինչ այդ ան նաեւ խոստացած է աջակցիլ Ռուսիայէն նաւթ, կազ եւ այլ հանքանիւթեր գնող երկիրներէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ 500% մաքսատուրք սահմանելու վերաբերեալ օրինագիծին: