Օրերս, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանին՝ նորերս ձեռնադրեալ սարկաւագները վկայագրեր ստացած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը`
Շաբաթ, 5 Յուլիս 2025-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, նորոգ ձեռնադրեալ բարեշնորհ սարկաւագներուն հետ հանդիպում ունեցաւ, ներկայութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու դպրապետներուն, ինչպէս նաեւ բարշ. Վահէ սրկ. Սարգիսեանին, նախկին Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս։
Հանդիպումին, Սրբազան Հայրը իր հայրական յորդորները ուղղեց բարեշնորհ սարկաւագներուն, աստուածահաճոյ եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց անոնց եւ իւրաքանչիւրին վկայագիր փոխանցեց։
Սրբազան Հայրը կարեւորելով ընթերցանութեան ճամբով սարկաւագներուն հոգեմտաւոր զարգացումը, անոնց նուիրեց իր նորատիպ գիրքերէն օրինակներ։