image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը որպէս դիտորդ պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ Agile Spirit բազմազգ զօրավարժութիւններուն

Հայաստանը որպէս դիտորդ պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ Agile Spirit բազմազգ զօրավարժութիւններուն

Յուլիս 25-էն օգոստոս 6-ը Վրաստանի մէջ պիտի կայանան Agile Spirit 2025 միջազգային բազմազգ զօրավարժութիւնները։ Հայաստանի Զինուած ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուած պիտի ըլլան որպէս դիտորդներ, յայտնած է apsny.ge կայքը։

Զօրավարժութիւններու նպատակն է բարձրացնել մասնակից երկիրներու զինուած ուժերու պատրաստուածութեան մակարդակը, ամրապնդել համակարգումը եւ գործառնական կարողութիւնները։

Agile Spirit 2025-ը պիտի կայանայ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին զինծառայողներ Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն, Թուրքիայէն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Մոլտովայէն, Ռումինիայէն, Պուլկարիայէն, Սլովաքիայէն, Լիթվայէն եւ Ուքրանիայէն:

«Վարժանքները պիտի սկսին յուլիս 21-ին՝ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ համատեղ միասնական գործողութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ Ատանա նահանգի մօտակայքը», -ըսուած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։