Մտահոգութիւն առթող դէպք մը գրանցուած է Արարատ մարզին մէջ, երբ աւարտական աշակերտներէն մին ենթարկուած է դաշունահարման։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ՝ «Շամշեան» կայքէն, որ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է դէպքը։
Կը նշուի, որ 25 մայիսին, ժամը 22։00-ի սահմաններուն Արարատի մարզի Այգեզարդ գիւղին մէջ 22-ամեայ Մարատ Մինասեան իր մօտ եղած դանակով հարուածած է 22-ամեայ Սահակ Սահակեանին, ապա յարձակած վերջինիս հօր՝ 48-ամեայ Արայիկ Սահակեանի վրայ, որ պաշտպանուած է, իսկ Մ․ Մինասեան դիմած է փախուստի։
Վիրաւորը փոխադրուած է «Արտաշատ» բժշկական կեդրոն, ապա Երեւան: Բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ ան կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ եւ վիրահատուած է:
Մ․ Մինասեան յայտնաբերուած է եւ բերման ենթարկուած Ոստիկանութեան Արտաշատի բաժին, ապա ներկայացուած Հայաստանի քննչական կոմիտէի Արարատի մարզային քննչական վարչութիւն, ուր նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Կասկածեալ Մ․ Մինասեան ձերբակալուած է։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպքը հետեւանք էր Այգեզարդ գիւղի դպրոցի վերջին զանգի միջոցառման փորձի ժամանակ յարձակումի ենթարկուած Ս․Սահակեանի կողմէ եղած կատակի մը, որ ուղղուած էր Մ. Մինասեանի եղբօր հասցէին, որ ըստ երեւոյթին «անմարսելի» եղած էր գրոհողին համար։
Տխուր է անշուշտ, որ Մայր Հայրենիքի մէջ կատակներու մեծ մասը կ՚աւարտին դաշունահարումներով։