image

Արսէն Թորոսեանը՝ նախարար, Նարեկ Մկրտչեանը՝ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան․ նախագահը հրամանագրեր ստորագրած է

Արսէն Թորոսեանը՝ նախարար, Նարեկ Մկրտչեանը՝ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան․ նախագահը հրամանագրեր ստորագրած է

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Նարեկ Մկրտչեանն ազատուած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնէն։ Նոյն հրամանագրով նախարար նշանակուած է Արսէն Թորոսեանը։

Փոփոխութիւնը կատարուած է վարչապետի առաջարկութեամբ՝ Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի եւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի համաձայն։

Նարեկ Մկրտչեանը նշանակուած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան։ Լիլիթ Մակունցը ետ կանչուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն: Օրերս Ուաշինկթընի մէջ կայացած է հրաժեշտի ընդունելութիւն՝ Լիլիթ Մակունցի՝ դեսպանի պաշտօնավարման աւարտի կապակցութեամբ։