image

Արմէն Չարչեան ազատ արձակուեցաւ

Արմէն Չարչեան ազատ արձակուեցաւ

Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, Վահէ Միսակեանի նախագահութեամբ, բաւարարեց «Իզմիրլեան»Բ/Կ տնօրէն Արմէն Չարչեանի կալանքը գրաւով փոխելու մասին պաշտպանական կողմի միջնորդութիւնը:

Չարչեանը կալանքէն ազատ արձակուեցաւ 15 մլն դրամ գրաւով եւ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ:

Յիշեցնենք՝ երէկուայ նիստին պետական մեղադրողն առարկած էր միջնորդութեան դէմ՝ պնդելով, որ դատարանը պէտք է անփոփոխ ձգէ խափանման միջոց կալանքը, քանի որ առկայ է գործով անցնող վկաներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու վտանգը:

Յիշեցնենք, որ Չարչեանին մեղադրանք առաջադրուած է ընտրողի կամքի ազատ իրականացման խոչընդոտելու յատկանիշով: