Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը 2 ամսով կալանաւորուեցաւ։ Վճիռը կայացուցած է «Հակակոռուպցիոն դատարան»ը։
Դատարանը, դատաւոր Սարգիս Դադոյեանի նախագահութեամբ, 15 յունիսին քննարկած էր Աշոտեանի կալանքի միջնորդութիւնը։
Փաստաբան Տիգրան Աթանէսեանը նշած է, որ Աշոտեանը պիտի տեղափոխեն «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկ։
«Ցանկանում են «Նուբարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկ տեղափոխել՝ թէպէտ նա նախկին նախարար է եւ բուժծառայութեան փոխգնդապետ է։ Սա էլ վրէժխնդրութեան իւրատեսակ մեթոդ է։
Չեմ զարմանայ, որ սովորական քրէական յանցագործների հետ պահուի։ Այս ամէնն անձնական վրէժխնդրութեան հետեւանք է, որի հեղինակը հայրենավաճառ Նիկոլ Փաշինեանն է»,-նշած է փաստաբանը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը ձերբակալուած էր 15 յունիսին՝ 24 ժամով: Քննչական Կոմիտէի հաղորդմամբ՝ ան խախտած էր խափանման միջոցի պայմանը՝ ապօրինի միջամտելով ապացուցման գործընթացին: ՀՀԿ փոխնախագահի մեղադրանքը լրացուած է: Բժշկական համալսարանէն ներս պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ փողերու լուացման յօդուածներէն բացի Աշոտեանը այժմ կը մեղադրուի նաեւ պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահմանն օժանդակելու եւ գոյքի յափշտակութեան կազմակերպման համար: