Ձերբակալուած է Գագիկ Բեգլարեանը
Երեանի նախկին քաղաքապետ, փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար Գագիկ Բեգլարեանը ձերբակալուած է։
Այս մասին յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Նախկին պաշտօնեան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման մէջ։ Բեգլարյանի նկատմամբ որպես խափանման միջոց կալանավորումը կիրառելու վերաբերյալ միջնորդություն է ներկայացվել դատարան։
Արմէն Աշոտեանն ու եւս 6 անձ ձերբակալուած են
Ձերբակալուած է ՀՀԿ անդամ, կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանը:
Վարոյթը կը վերաբերի 2009-2016 թուականներուն՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցնելու հատուածին, Աշոտեանի մասնակցութեամբ Պրիւսովի համալսարանին պատկանող 208 միլիոն 908 հազար 500 դրամ արժէքով գոյքի ապօրինի օտարման եւ փողերու լուացման:
Աւելի վաղ ՀՀ քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ շուրջ 200 միլիոն արժէքով գոյքի նկատմամբ պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման, փողերու լուացման եւ ատոր օժանդակութեան վարոյթով 7 անձի վերաբերեալ կայացուած է ձերբակալման որոշում։
Անոնք են՝ 2009-2016-ին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Արմէն Աշոտեանը, ՀՀ ֆինանսներու նախարարի պաշտօնները զբաղցուցած Գագիկ Խաչատրեանի, վերջինիս որդի՝ «Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան» ՊՈԱԿ-ի նախկին փոխտնօրէն Արտեոմ Խաչատրեանի, ՊՈԱԿ-ի կառավարման խորհուրդի նախկին նախագահ Վիգէն Սարգսեանի, նոյն ՊՈԱԿ-ի նախկին տնօրէն Գայիանէ Գասպարեանի, նախկին փոխտնօրէն Արթուր Այվազեանի, ինչպէս նաեւ վերջիններուս հետ փոխկապակցուած Յարութիւն Թադեւոսեանի («Երեւան-մոլ»-ի նախկին սեփականատէր) նկատմամբ: