image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Աբազեան վերանշանակուեցաւ է ԱԱԾ-ի տնօրէն

Արմէն  Աբազեան վերանշանակուեցաւ  է ԱԱԾ-ի  տնօրէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Արմէն Աբազեանն այսօր՝ յունուար 12-ին, կրկին նշանակուած է ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:

Այսօր աւելի վաղ նախագահի հրամանագրով Արմէն Աբազեանն ազատուած էր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն։

2023-ի դեկտեմբեր 22-ին «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններով՝ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը եւ տեղակալները պաշտօնի կը նշանակէ եւ կ՚ազատէ ոչ թէ նախագահը, այլ վարչապետը։

Արդարադատութեան նախարարութիւնը նախագիծերու հիմնաւորումներուն մէջ նշած էր՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի ու տեղակալներու պաշտօնները մինչ փոփոխութիւնը կը համարուէին զինուորական ծառայութեան պաշտօններ, բայց ծառայութիւնը վարչապետին ենթակայ մարմին է։ Նախարարութիւնը առաջարկած էր ենթակայ ըլլալու հանգամանքն ալ դնել փոփոխութիւններուն մէջ, վարչապետը օժտել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն ու տեղակալներ նշանակելու ու ազատելու լիազօրութեամբ։

Փոփոխութիւններէն ետք Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնն ու տեղակալները դարձած են հանրային պաշտօն զբաղցնող անձինք։