image

Արեւմուտքը կը շարունակէ զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ

Արեւմուտքը  կը շարունակէ  զէնք մատակարարել  Ուքրանիոյ

ԱՄՆ-ն իր դաշնակիցներուն հետ մտադիր է Ուքրանիոյ տրամադրել ընդհանուր առմամբ գրեթէ 90 հակահրասայլային հրթիռային համակարգ «իւրաքանչիւր ռուսական հրասայլի համար»: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճեն Փսաքին:

«Ուքրանիոյ մէջ գտնուող իւրաքանչիւր ռուսական հրասայլի համար Միացեալ Նահանգները պիտի տրամադրէ կամ արդէն տրամադրած է 10 հակահրասայլային համակարգ: Եւ եթէ հաշուի առնէք դաշնակիցներուն ներդրումը, ապա այն կը կազմէ գրեթէ 90 հակահրասայլային համակարգ մէկ հրասայլի համար», ըսած է Փսաքին: