image

Արեւմուտքը կը փորձէ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» պայմաններ ստեղծել. Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն

Արեւմուտքը կը փորձէ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւններու»  պայմաններ ստեղծել. Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն

Արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու մէջ պայմաններ ստեղծել «գունաւոր յեղափոխութիւններու» համար։ Այս մասին Պիշքեքի մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը`ելոյթ ունենալով ԱՊՀ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:

Անոր խօսքով` համագործակցութեան պետութիւններու մէջ իշխանութիւնը զաւթելու նպատակով արեւմտեան կեդրոնները կը ձեւաւորեն վտարանդի կառավարութիւններ։ Ան մեղադրած է արեւմտեան խաղացողները ներքին ճգնաժամերու համար պայմաններ ստեղծելու մէջ։ Այդ նպատակով կ՚օգտագործուին ազդեցութեան գործակալութիւնները, վերահսկուող ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու շարժումները, ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնները եւ կեղծ անկախ լրատուամիջոցները։

Բացի այդ, ըստ Պորլթիքովի, ԱՄՆ–ն եւ Մեծն Բրիտանիան Ռուսիոյ գործընկերներու դէմ պատժամիջոցներու քօղի տակ կ՚ուզեն ԱՊՀ տարածքին մէջ առեւտուրի եւ ֆինանսական գործարքներու նկատմամբ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատել, որ կարողանան քայքայել որեւէ պետութեան տնտեսութիւն։ ԱՊՀ երկիրներու վրայ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական ճնշումները կը շարունակուին։

Ան նշած է, որ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները կը սնուին դուրսէն՝ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով միջազգային ահաբեկչական կառոյցները սնուցելու համար։