image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտեան Թեմի օգնութիւնը Լիբանանահայութեան. Հանգանակուած է 50.000 ամն տոլար

   Արեւմտեան  Թեմի  օգնութիւնը Լիբանանահայութեան. Հանգանակուած է  50.000  ամն տոլար

Գլխաւորութեամբ  Ամերիկայի Արեւմտեան  Թեմի   Առաջնորդ Տ. Յովնան արք.  Տէրտէրեանին    Լիբանանի հայկական  գաղութին օգնութիւն  ցուցաբերելու աշխատանքները կը շարունակուին։

Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   Թեմի  պաշտօնական կայքէջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը 50.000$ պիտի փոխանցէ լիբանանահայ գաղութին

 Ինչպէս  տեղեակ էք, որ  երկու տարիներ առաջ  2019-ի աշնան սկիզբ առած իրադարձութիւններէն ետք, լիբանանեան թղթոսկին կորսնցուգած է իր արժէքին 90 տոկոսը, եւ 2020 թուականի ընթացքին տարեկան գնաճը կազմած է 85 տոկոս: Օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտաբեր պայթումը սաստկացուց   աւելիով   բարդացուց  իրավիճակը։

Լիբանանահայ գաղութը խորապէս ցնցուած է տնտեսական փլուզման ու ճգնաժամին հետեւանքով:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը համայնքային թեմական դրամահաւաքի միջոցով գոյացուցած է  50.000 տոլարի գումարի օժանդակութիւն մը, որ պիտի փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկութեան խողովակով: