image

«Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուր»ի կարճատեւ կեղծ հանրապետութիւնը

«Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուր»ի կարճատեւ կեղծ հանրապետութիւնը

Անցեալ շաբաթ, երկու ատրպէյճանցիներ ամբարտաւանօրէն իրենք զիրենք հռչակեցին՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութեան» ղեկավարներ: Այս սուտ Հանրապետութեան մէջ իբր թէ ներառնուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւանայ լիճը եւ Սիւնիքի մարզը։ Այս յայտարարութիւնը կատարուած է Ատրպէյճանի` Հայաստանի արեւելեան սահմաններու վրայ բարբարոսական յարձակումէն քանի մը օր անց...

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախակի անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան մեծ տարածքներուն՝ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, այդ տարածքներուն տալով կեղծ, ատրպէյճանական անուններ։ Ահա թէ ան ի՛նչ ըսած է Սեպտեմբեր 2013ին. «Ատրպէյճանի պետական  դրօշը պէտք է ծածանի Շուշայի վրայ (Շուշի), Խանքենտի մէջ (Ստեփանակերտ), իսկ ատրպէյճանցիները ապագային պէտք է ապրին իրենց պատմական հողերուն վրայ: Մեր պատմական հողերն են՝ Իրեւանի  (Երեւան)  խանութիւնը, Կէօյչան (Սեւանա լիճը) եւ Զանգեզուրի շրջանները։ Կու գայ ժամանակ, եւ մենք կ՛ապրինք այդ հողերուն վրայ։ Կը հաւատամ ու կը վստահիմ: Բոլորը պէտք է իրենց  ջանքերը գործադրեն ասոր հասնելու համար»։ Աւելի՛ն, Մարտ 2015-ին Ալիեւ յայտարարեց. «Ատրպէյճան կը վերականգնէ պատմական արդարութիւնը եւ կը վերադարձնէ ոչ միայն անջատուած Լեռնային Ղարաբաղի մարզը եւ անոր շրջակայ տարածքները, որոնք ներկայիս կը գտնուին հայերուն ձեռքը, այլեւ ներկայ Հայաստանի որոշ հատուածներ»: Ան պարծենալով կը նախատեսէր, որ «Ղարաբաղը ազատագրելէ ետք, մենք՝ ատրպէյճանցիներս, կը վերադառնանք մեր հինաւուրց հողերը՝ Երեւան, Կէօյչա (Սեւանայ լիճ), Զանգեզուր (Հայաստանի Սիւնիքի մարզ) եւ այլն։ Երիտասարդ սերունդը պէտք է գիտնայ, որ մեր հողերը չեն սահմանափակուիր միայն անկախ Ատրպէյճանի ներկայ տարածքներով։ Մենք պէտք է վերադառնանք նաեւ այդ հողերը եւ պիտի վերադառնանք»։

Եթէ Ատրպէյճանի նախագահը նման անպարկեշտ  յայտարարութիւններ կ՛ընէ, ապա զարմանալի չէ, որ միւս ատրպէյճանցիները թութակի պէս կրկնեն անոր անհիմն պնդումները։

Անցեալ շաբաթ, երկու ատրպէյճանցիներ՝ Ռիզվան Թալիպով եւ Մեհմետ Ալի Արսլան, իրենք զիրենք հռչակեցին «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութեան նախագահ ու փոխնախագահ» եւ յայտարարեցին անոր անկախութիւնը՝ մայրաքաղաք Կապանով կամ Վարդենիսով (Հայաստան)։

Այս ատրպէյճանցիները մասնակցած են Անգարայի մէջ այդ կեղծ հանրապետութեան առաջին ներկայացուցչութեան գրասենեակի բացման՝ պնդելով, որ Թուրքիա առաջին երկիրն է, որ ճանչցած է զայն: «Նախագահ» Թալիպով յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Կէօյչա-Զանգեզուր մէկ ազգ, երկու պետութիւն են»։ Ան կ՛երեւի թէ մոռցած էր Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, որ կ՛օգտագործէ նոյն այս կարգախօսը։

Ի դժբախտութիւն ատրպէյճանցիներու՝ անոնց  ցնծութիւնը  շատ կարճ տեւեց։ 22 Սեպտեմբերին Eurasianet.org յօդուած մը հրապարակեց՝ «Ատրպէյճանի «Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութեան» վերելքն ու անկումը» վերնագրով: Այս «Հանրապետութիւնը» տեւեց ընդամէնը երեք օր, թէեւ Ատրպէյճանի իշխանամէտ մամուլը ի սկզբանէ հրապարակեց այս կեղծ լուրը: Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Թուրալ Կեանճալի անմիջապէս հաւանութիւն տուաւ գոյութիւն չունեցող «Հանրապետութեան»: Այսուամենայնիւ, Կեանճալի քանի մը ժամուան ընթացքին ջնջեց իր ֆէյսպուքեան գրառումը, իսկ ատրպէյճանական կայքերու մեծ մասը հեռացուց այս «Հանրապետութեան» մասին բոլոր յղումները։ Իշխանամէտ լրատուական միջոցներ վարկաբեկեցին ոչ միայն «Հանրապետութիւն»ը, այլեւ անոր նոյնքան կեղծ «նախագահ» Թալիպովը, որ նախարարներ նշանակած եւ որոշումներ տուած էր: 

Ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը դատապարտեց Թալիպովը՝ յայտարարելով, որ ան «իրականութեան մէջ գիտական գիտելիքներ կամ հետազօտութիւններ չունի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մասին։ Ան չի գիտեր Արեւմտեան Ատրպէյճանի պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը։ Անոր շրջապատին մէջ կարելի չէ գտնել լուրջ մարդ մը, իսկ մեծ մասը այդ մարդոց, որոնց ան կոչած, նշանակած եւ ընդգրկած է կառոյցներու մէջ, նոյնիսկ տեղեակ չէ այս մասին։ Թալիպով բարձր պաշտօններու «նշանակում» եւ «լիազօրութիւններ» կը շնորհէ ուզածին, անկախ այդ մարդոց ինքնութենէն կամ քաղաքական հայեացքներէն, շողոքորթութեան, ճաշի կամ 5-10 մանէթի (քանի մը տոլար) դիմաց»։

Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Հիքմաթ Պապաօղլու 21 Սեպտեմբերին գրեց. «Այսպէս կոչուած «Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութիւն»ը քաղաքական-գաղափարական  ահաբեկչութիւն է Ատրպէյճանի դէմ»: Պապաօղլու աւելցուց. «Նման քաղաքական կեղծաւոր մը (Թալիպով) բարոյական իրաւունք չունի «Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութիւն» ստեղծելու, ո՛չ ալ նոյնիսկ արտասանելու այս սուրբ անունները։ Որովհետեւ այս գաղափարով, մինչ Ատրպէյճան կը պնդէ Զանգեզուրի միջանցքին հարցը, տպաւորութիւն կը  ստեղծուի, որ Ատրպէյճան մտադիր է ոչ թէ Զանգեզուրի մէջ միջանցք բանալ, այլ հոն  պետութիւն ստեղծել։ Ասիկա իսկական սադրանք է միջանցքի բացման դէմ»։

Ըստ Eurasianet.org-ի՝ առաջին անգամը չէ, որ Ատրպէյճանի մէջ մէկու մը կողմէ նման տխմար միտք կը հնչէ: «2020ին, Թուրքիոյ մէջ ատրպէյճանցի ակադեմիկոս Կաֆար Չահմաղլի ստեղծեց այն, որ կոչուեցաւ Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն (Իրեւան), որ  աւելի մեծ տարածք պիտի ընդգրկէր։ Այդ նախագիծը (որ նաեւ կը կոչուէր Իրեւանի թրքական Հանրապետութիւն) կառավարական ակնյայտ կապերով կապուած էր ուրիշ խումբի՝ Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքին հետ, բայց չստացաւ պետական հաստատման (կարճ) մակարդակ, ինչպէս Կէօյչա-Զանգեզուրի Հանրապետութիւնը»։

Շատ հիասթափուած՝ «նախագահ» Թալիպով ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրեց. «Մինչ մենք կը սպասէինք հայերու յարձակման, «մերոնցմէ» ոմանք աննախադէպ յարձակումով եւ զրպարտութեամբ լեցուն՝ յարձակեցան մեր վրայ․․․»։

Բոլոր այն ատրպէյճանցիները, որոնք դատապարտած են Թալիպովն ու Արսլանը, չեն  գիտակցած, որ անուղղակիօրէն կը դատապարտէին նաեւ նախագահ Ալիեւը, որ նման անհիմն յայտարարութիւններ ըրած է ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն մասին։

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...