image

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝Միլուոքի (Լուսանկարներ)

  Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝Միլուոքի (Լուսանկարներ)

Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի պաշտօնական կայքէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեան, օրերս հովուական այցելութիւն կատարած է Միլուոք հայկական համայնք որ հանդիսապետած է տեղի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեանց։ 

 Սրբազան հայրը այս առթիւ կատարած է գրառում մը, եւ զայն կը ներկայացնենք՝ թարգմանաբար՝

Ահա քանի մը լուսանկար, Ուիսքոնսընի Միլուոքի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս հայոց եկեղեցի հովուական իմ վերջին այցելութենէս: Այդ իրապէս ոգեշնչող շաբաթավերջ մըն էր: Մատուցեցի պատարագը եւ նախագահեցի 81-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ինծի համար միշտ ուրախութիւն է մեր Թեմի կենսունակ ոգիին եւ միասնութեան ականատեսը ըլլալը։ Այս մէկն ալ բացառութիւն չէր կազմեր: Հայր Կիւրեղին լանչախաչ շնորհելու արարողութիւնը բացառիկ պահ մըն էր։ Ան նշան էր անոր հովուական ծառայութեան եւ վկան՝ անոր հաւատքին ու նուիրուածութեան: Տօնակատարութիւնը եւս կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր: Այն վառ վկայութիւն մըն էր Սուրբ Յովհաննէս եղեկեցւոյ մնայուն ուժին եւ ճկունութեան՝ յարգելով անցեալն ու ներկան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տէր Կիւրեղին եւ Ծխական խորհուրդին, անոնց ջերմութեան ու հիւրընկալութեան համար։ Ձեր նուիրուածութիւնն ու սէրը ոգեշնչող են: Թող Աստուծոյ շնորհքը շարունակէ ամրացնել եւ առաջնորդել այս եզակի համայնքը, իր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ: