Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի պաշտօնական կայքէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեան, օրերս հովուական այցելութիւն կատարած է Միլուոք հայկական համայնք որ հանդիսապետած է տեղի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեանց։
Սրբազան հայրը այս առթիւ կատարած է գրառում մը, եւ զայն կը ներկայացնենք՝ թարգմանաբար՝
Ահա քանի մը լուսանկար, Ուիսքոնսընի Միլուոքի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս հայոց եկեղեցի հովուական իմ վերջին այցելութենէս: Այդ իրապէս ոգեշնչող շաբաթավերջ մըն էր: Մատուցեցի պատարագը եւ նախագահեցի 81-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ինծի համար միշտ ուրախութիւն է մեր Թեմի կենսունակ ոգիին եւ միասնութեան ականատեսը ըլլալը։ Այս մէկն ալ բացառութիւն չէր կազմեր: Հայր Կիւրեղին լանչախաչ շնորհելու արարողութիւնը բացառիկ պահ մըն էր։ Ան նշան էր անոր հովուական ծառայութեան եւ վկան՝ անոր հաւատքին ու նուիրուածութեան: Տօնակատարութիւնը եւս կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր: Այն վառ վկայութիւն մըն էր Սուրբ Յովհաննէս եղեկեցւոյ մնայուն ուժին եւ ճկունութեան՝ յարգելով անցեալն ու ներկան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տէր Կիւրեղին եւ Ծխական խորհուրդին, անոնց ջերմութեան ու հիւրընկալութեան համար։ Ձեր նուիրուածութիւնն ու սէրը ոգեշնչող են: Թող Աստուծոյ շնորհքը շարունակէ ամրացնել եւ առաջնորդել այս եզակի համայնքը, իր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ: