image

Արեւելեան կողմն աշխարհի ... խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ

 Արեւելեան կողմն աշխարհի ... խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ

Այսպիսին է պատկերը այսօր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Գոյութիւն ունի ընդհանրական մեծ լարում, որուն եզրագծումները դեռ չեն եղած եւ որուն հրդեհներու լափլիզող լեզուները (եթէ բոցավառի հրդեհի կայծը) կրնայ կրակի մատնել ամբողջ շրջանը։

 Մեծ հրդեհը, որ միայն աւելիով տագնապահար պիտի ընէ շրջանի այն ժողովուրդները, որոնք արդէն յայտնուած են «դժոխքի դռներ»ուն մօտ։

 Սպասենք աւելի պայծառ օրուան մը, այն յոյսով, որ Վիենայի մէջ եղող Թեհրան- Ուաշինկթըն բանակցութիւնները (որոնք կրակ մարելու ներուժ ալ ունին) կը հասնին դրական աւարտի մը, ինչպէս մեր ազգային-յեղափոխական երգը կ՚ըսէ ՝ «Ամէն կողմից կռիւ կը սկսի շուտով» վիճակ մը կրնայ յայտնուիլ։

Գուցէ այս փուլին պիտի ըլլան փոքր ու մեծ ցնցումներ, պայքարներ ու զոհեր։

 Արեւելքը կը փայլի իր կապոյտ ջուրերով, սեւ նաւթով եւ յատկապէս կարմիր ու երիտասարդ արիւնով։ 

 

 Այս տողերը կը գրուին պահու մը, երբ Պաղեստինի Արեւմտեան ափը դարձեալ կ՚եռայ։ Օրեր առաջ Իսրայէլ «յատուկ» գործողութիւն մը կատարեց Կազզայի ուղղութեամբ եւ թիրախ դարձուց «Իսլամական Ճիհատ»ի ռազմական հրամանատարներէն երկուքը։

 Եղան զոհեր ու վիրաւորներ։ Եղաւ մարդկային տագնապ, իսկ «Իսլամական ճիհատ»ը հրձիգ խմբակները հարիւրաւոր հրթիռներ տեղացուցից իսրայէլեան կարեւորագոյն քաղաքներու ուղղութեամբ։

 Երկու կողմերուն համար նպաստաւոր էր հրադադարի հռչակումը, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի «լպիրշ խօսքեր»ը աւելի քան բառացուցական էին, որ Թէլ Աւիւ այս ամբողջ եղածով կը փնտռէ մէկ բան ՝ Իսրայէլ պետութեան ծայրայեղական թեւերուն եւ անոնց համակիրներուն քուէները։

 

 Ռազմական այս էջը դարձնելէ ետք, դարձեալ իսրայէլեան «թեթեւ ձեռք»ով եւ այս անգամ Արեւմտեան Ափի Նապլոս քաղաքին մէջ «խաղէն դուրս կը հանուէր» «Ալ Աքսա» զօրամիաւորման ազդեցիկ գործիչներէն մին ՝Իպրահիմ Ալ Նապուլսին։ Դէպքին հետեւանքով կը զոհուէին նաեւ անոր երկու ընկերակիցները, ստեղծելով բարդ դրութիւն մը Արեւմտեան Ափի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ու այս առումով ալ կը սպասուի, որ եղած լարումները շարունակուին նոր զոհերու եւ վիրաւորներու անուններ աւելցնելով պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութեան սեւ տոմարին։

 

 Այս բոլորին առընթեր Իսրայէլ-Լիբանան «ճակատ»ին ալ  երեւելի սկսած են դառնալ մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կրնան շրջանը տանիլ ամբողջական ընդհարման։

 

 Մինչ այդ իսրայէլեան կողմը, որ «յուսալի» բանակցութիւններ կը կատարէր Լիբանանի հետ, կապուած Միջերկրականեան ջուրերուն մէջ եղող կազի հանքերուն, անուղղակի ճանապարհներով պաշտօնական Պէյրութին փոխանցած է, այս բանակցութիւնները յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք կատարելու մասին «փափաք» մը, որ նաեւ ձեռնտու է Լիբանանի իշխող վերնախաւին։

 Նշեցի «իշխող վերնախաւ»ը, որովհետեւ բոլորիս համար անզէն աչքով ալ երեւելի է, որ Լիբանան կ՚ապրի իր արդի պատմութեան ամէնէն տժգոյն օրերը եւ շարքային լիբանանցին պատրաստ է նոյնիսկ «օձին փաթթուիլ», առնուազն փրկուելու յոյսով մը իր կեանքը շարունակելու համար։ 

 

 Այս բոլորին զուգահեռ, ռազմական ամէն տեսակի սպառազինութիւնը բանակի պահեստանոցներէն դուրս հանելով Իսրայէլի վարչապետ Լափիտ, կը փորձէ հին փորձուածը, որն է բռնի ու պատերազմի ուժով քուէներ «կորզել» ու այդկերպ ալ ապահովել յառաջիկային կայացուելիք ընտրութիւններուն իր յաղթանակը։

 

 Լափիտ, որ մինչ այդ «կը տառապէր», ամբողջական ներուժ չունեցող կառավարական կազմով ու նաեւ քաղաքական ընդդիմադիր ճակատներու քննադատութիւններուն հետեւանքով սկսած էր թոյլ զգալ, այսօր զէնքի ու արեան ճամբով կը փորձէ ինքզինք հաստատել։

 

 Ի դէպ նորութիւն չէ այս ձեւաչափը ու վերջին առնուազն երեսուն տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի իրերայաջորդ կառավարութիւնները ցոյց տուած են, որ իրենց մօտ, ներ-քաղաքական պառակտումները եւ տարակարծութիւնները կարելի է փարատել միայն ու միայն  բռնի ուժի ճամբով։ 

 Ինչ փոյթ, որ այդ բռնի ուժը հազարաւոր անմեղ պաղեստինցիներու կեանքը կը խլէ, հարիւրաւոր ընտանիքներ կը քայքայէ ու ապա նաեւ պատճառ կը հանդիսանայ մարդկային մեծ ողբերգութիւններու։

 Կարեւորն Իսրայէլի համար, իր քաղաքական վերնախաւին «կայունութիւն»ն է, որուն կարելի է հասնիլ դարձեալ եւ պարզապէս կարծրատիպ դարձած արիւնահեղութեան ճանապարհով։

 

 Միւս կողմէ ալ, այդքան բարենպաստ պատկեր մը չունի Պաղեստինեան ընդհանուր տեսարանը, որուն քաղաքական խաղացողները, կամ կողմերը մասամբ օտարուած են իրարմէ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առաջ կը տանի իր ուսերուն վրայ բեռցուած արտաքին «աժէնտա»ն։

 

 

 Այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ազդեցիկ խօսքերը, ըստ որոնց իրենք (Լիբանանցիները) Կազայի կամ Արեւմտեան Ափի նման չեն։ Իրենք անկոտրելի են, ու պատրաստ են գերագոյն զոհաբերութեան ու պատրաստ են նաեւ «կոտրելու Լիբանանի հարստութիւններուն վրայ աչք ունեցողներուն ձեռքերը». Խօսք, որ տարողունակ մտահոգութիւններու դուռ բացած է, ոչ միայն իսրայէլացիներուն, այլ ամբողջ աշխարհին  համար, որուն համար ալ ՄԱԿ-ի անգործութեան մատնուած ընդհանուր քարտուղար ՝ Կութէրէշ «կը խզէ» իր լռութիւնը եւ կը զգուշացնէ Սէյիտ Նասրալլան։

 

 Այսպիսին է պատկերը այսօր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Գոյութիւն ունի ընդհանրական մեծ լարում, որուն եզրագծումները դեռ չեն եղած եւ որուն հրդեհներու լափլիզող լեզուները (եթէ բոցավառի հրդեհի կայծը) կրնայ կրակի մատնել ամբողջ շրջանը։

 Մեծ հրդեհը, որ միայն աւելիով տագնապահար պիտի ընէ շրջանի այն ժողովուրդները, որոնք արդէն յայտնուած են «դժոխքի դռներ»ուն մօտ։

 Սպասենք աւելի պայծառ օրուան մը, այն յոյսով, որ Վիենայի մէջ եղող Թեհրան- Ուաշինկթըն բանակցութիւնները (որոնք կրակ մարելու ներուժ ալ ունին) կը հասնին դրական աւարտի մը, ինչպէս մեր ազգային-յեղափոխական երգը կ՚ըսէ ՝ «Ամէն կողմից կռիւ կը սկսի շուտով» վիճակ մը կրնայ յայտնուիլ։

Սպասենք։

 

 Սագօ  Արեան 

 «Յուսաբեր»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...