image

Արցախը «զիջիլը» կը նշանակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան թողտւութիւն. Լեմքինի հիմնարկը կը սատարէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին

Արցախը «զիջիլը» կը նշանակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան թողտւութիւն. Լեմքինի հիմնարկը կը սատարէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին

Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին, որ 30 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ յայտնած է ինքնորոշման իր կամքը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը յայտարարութիւն տարածած է՝ «Ցեղասպանութեան միջոցով «խաղաղութիւն» կամ «բարեկեցութիւն» գոյութիւն չունի» խորագրով:

«Լեմքինի հիմնարկը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ բարձրաձայնած է ինքնորոշման իր կամքի մասին: Ատրպէյճանը յաւակնութիւններ ունի Արցախի նկատմամբ՝ չնայած այդ տարածքին մէջ հազարամեակներ շարունակ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր եղած են»,- գրուած է յայտարարութեան կից թուիթըրեան գրառման մէջ:

Հիմնարկը կը յիշեցնէ, որ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւական համակարգի հիմնարար իրաւունքներէն մէկն է, եւ Արցախի ժողովուրդն արժանի է այն բանին, որ միջազգային հանրութիւնը լրջօրէն վերաբերի ինքնորոշման անոնց պահանջներուն:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ հակիրճ կը ներկայացուի Արցախի կարգավիճակի փոփոխութեան պատմութիւնը, Արցախեան երկու պատերազմները եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը նաեւ կը շեշտէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ անտեսէ տարածաշրջանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները, որոնք «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ լիովին ոչնչացուց հայկական ներկայութիւնը», ինչպէս նաեւ «հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցի ազգայնականներու անզուսպ ցեղասպանական թշնամանքը»:

«Արեւմտեան աշխարհը եւ յատկապէս ՆԱԹՕ-ն չեն հասկնար, Արցախը «զիջիլը» կը նշանակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան թողտւութիւն՝ հայերու բռնի տեղահանում եւ հալածանքներ, համատարած ոճրագործութիւններ, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում եւ վերջին տասնամեակներու ընթացքին կովկասեան տարածաշրջանի մէջ ամենամեծ մարդասիրական ճգնաժամերէն մէկը, անոնց թուին՝ փախստականներու մեծ հոսք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Եւ որ կարեւոր է, հաշուի առնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ցեղասպանութեան ներկայ կարմիր դրօշները, ինչպէս նաեւ այն, ինչ մենք գիտենք ցեղասպանութեան գործընթացի մասին ընդհանրապէս, աներեւակայելի է, որ Արցախի «զիջումը» վերջ կը դնէ հակամարտութիւններուն տարածաշրջանի մէջ, առաւել եւս՝ կը յանգեցնէ «խաղաղութեան» եւ «բարեկեցութեան», - գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Լեմքինի հիմնարկը նաեւ կոչ կ'ընէ ստեղծելու անկախ միջազգային յանձնաժողով, որ կ'ուսումնասիրէ Արցախի մէջ առկայ խնդիրները արդար արդիւնք եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: