Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 8 Յունիսին ընդունած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Վազգէն Եագուպեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման, որուն մասնակցած է նաեւ ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, քննարկուած են ՀԲԸՄ արցախեան ծրագրերու ընթացքը եւ նոր նախաձեռնութիւնները:
Նախագահ Յարութիւնեանը գոհունակութիւն յայտնած է կազմակերպութեան հետ երկարամեայ համագործակցութենէն եւ նշած, որ այսօր Արցախի մէջ թէ՛ պետական, թէ՛ բարեգործական խողովակներով իրականացուող ծրագրերու բովանդակութենէն ու յաջողութենէն կախեալ է Արցախի Հանրապետութեան ապագան: