Քիմ Քարտաշեան դիմած է իր հրեայ ընկերներուն, որոնք դժուարին ժամանակներ կ'ապրին, նշելով՝ «դուք առանձին չէք»: Instagram-ի էջին տեղադրած իր հրապարակման մէջ աշխարհահռչակ հայուհին նշած է, որ իր սիրտը կը ցաւի՝ տեսնելով ահաբեկուած եւ սպանուած երեխաներու եւ ընտանիքներու տեսանիւթերը:
«Դաժան ահաբեկչութիւնը խլած է անմեղ կեանքեր, եւ հիմա թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Պաղեստինի քաղաքացիները կը տառապին՝ վճարելով ամենաթանկ գինը», - գրած է Քիմը՝ աւելցնելով, որ որպէս հայուհի՝ յատկապէս զգայուն է նման թեմաներու հանդէպ:
«Ես տարիներով խօսած եմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իսկ հիմա, ամիսներ տեւած շրջափակումէն ետք, որուն եղաւ նուազագոյն մետիա անդրադարձ եւ ոչ մէկ աջակցութիւն, Արցախի մէջ հայերը դարձան էթնիք զտման զոհ: Այս պահուն անոնք եւս կ'ապրին մարդկային ծայրայեղ աղէտ, եւ դեռ կան գերեվարուածներ ու անհետ կորսուածներ», - շեշտած է Քարտաշեանը: Ան նաեւ աւելցուցած է՝ կապ չունի՝ որու կողմէ էք, «մեր սրտերուն մէջ միշտ պէտք է կարեկցանք ըլլայ անմեղ զոհերու նկատմամբ»:
Քարտաշեանը կոչ ըրած է գործելու այսօր.«Այն, ինչ մենք կրնանք ընել, պարզապէս, մեր ընկերներուն, գործընկերներուն հասնիլն է, բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին: Աղօթենք եւ միշտ խաղաղ ըլլանք»: