Ամերիկեան իրապատում «շոու»ի աստղ Քարտաշեան-Ճենէր ընտանիքը Քալիֆորնիոյ մէջ մոլեգնող սաստիկ անտառային հրդեհներու դէմ պայքարող հրշէջները, կամաւորները Կլենտէյլի մէջ գտնուող հայկական ճաշարանի միջոցով անվճար սնունդով ապահոված է, գրած է Daily Mail-ը:
«Ես եւ իմ ընտանիքը կ՚ուզէինք այսօր կերակրել հրշէջները, կամաւորները եւ չէինք կրնար Carousel Restaurant-էն աւելի լաւ ճաշարանիդիմել: Մեր սիրած հայկական ճաշարանը»,- նշած է Քլոյէ Քարտաշեանը:
Մինչդեռ Carousel Restaurant-ն իր հրապարակման մէջ աստղային ընտանիքին շնորհակալութիւն յայտնած է առատաձեռնութեան համար:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ մէջ հազարաւոր շինութիւններ կլանած անտառային հրդեհներն այժմ կը մօտենան Քարտաշեան-Ճեներ ընտանիքի՝ Hidden Hills եւ Calabasas շրջաններուն մէջ գտնուող առանձնատուներուն: Հրդեհները խլած են 10 մարդու կեանք: