image

Արցախի մէջ 7 բուժառու կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ

Արցախի մէջ 7 բուժառու կը գտնուի  ծանր վիճակի մէջ

Արցախի մէջ 7 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։ Արդէն 308 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ: Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամենօրեայ տեղեկագրին մէջ:

Արցախի բոլոր բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 750 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւնէն։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 135 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։