image

Արցախի ձայնը անկախ եւ առանձին. Արցախցի պաշտօնեայ

Արցախի  ձայնը  անկախ եւ առանձին. Արցախցի պաշտօնեայ

Ռուսական միջնորդութեամբ տեղի ունեցող քննարկումներուն կը տեսնենք «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրոյթը, ինչը եւրոպական հարթակներու քննարկումներուն մէջ չենք տեսներ. սա հարցեր կ'առաջացնէ: Այս մասին ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

«Պարզ է, եթէ եւրոպական մակարդակում անգամ այդ համարձակութեան բացակայութիւնը կայ յստակ ճշդելու, որ խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի մասին է, ապա Արցախի ժողովրդի շրջանում այդ անվստահութիւնը պէտք է առաջանայ այդ բանակցութիւնների շուրջ», ըսած է Գեղամ Ստեփանեանը:

Նշենք, որ Պրիւքսէլի մէջ Մայիս 22–ին տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն յետոյ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը օգտագործել էր  «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» ապահովելու մասին ձեւակերպումը: 

Շարլ Միշէլի խօսնակ Պարենտ Լէյցն ալ Մայիս 31-ին յայտարարութիւն  տարածած է, որուն մէջ կ'ըսուի, որ Մայիս 22-ին առաջնորդներուն միջեւ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ նախագահ Միշէլի յայտարարութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս քննարկումներու նախապէս կանխորոշուած արդիւնքի հաստատում: «Ի վերջոյ ամենակարեւորը այն է, որ բոլոր հարցերուն անդրադարձ կը կատարուի համապարփակ կերպով` ներառելով բնակչութեան բոլոր խումբերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», նշած է Միշէլի խօսնակը: 

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այս վիճահարոյց յայտարարութիւններէն եզրակացոպցած է, որ եւրոպական նախաձեռնութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը կ'անտեսուի: Գեղամ Ստեփանեանը Արեւմուտքին կոչ ըրած է չանտեսելու այն մարդոց կամքը, որոնց ճակատագիրը կ'որոշեն այսօր:

«Արցախի ժողովուրդը ոչ թէ Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութիւնն է, այլ Արցախի Հանրապետութեան պետականակիր ժողովուրդը: Ժողովուրդը, որը 1991 թուականին ստեղծել է պետութիւն, հռչակել է անկախութիւն եւ կրում է այն:

Ես եւրոպական նախաձեռնութեամբ ընթացող քննարկումներում նկատում եմ դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ փաստի անտեսում, որ կայ Արցախի ժողովուրդ, որն ունի ինքնորշման իրաւունք: Վերջին երկու յայտարարութիւնները վկայում են, որ եւրոպական հարթակի քննարկումներում Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի հարցում բաւականին մեծ բացթողումներ կան:

Այո՛, մենք կողմնակից ենք, որ հակամարտութիւնը համապարփակ լուծում ստանայ, եւ այդ լուծման մէջ պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը: Տարբեր ժամանակների բանակցութիւններում հայկական կողմը միշտ առաջնորդուել է համապարփակ կարգաւորման սկզբունքով եւ այսօր էլ մեզ համար դա ընդունելի է: 

Ինչ վերաբերում է «ժողովուրդ» բառի փոխարէն միտումնաւոր բնակչութիւն բառ օգտագործելը, ապա այստեղ են թաքնուած այն բացասական ուղերձները, որոնք ստանում են եւրոպական հարթակներում տեղի ունեցող քննարկումներից: Ե՛ւ Եւրոպայում, ե՛ւ ԱՄՆ-ում պէտք է հասկանան, որ անհնար է անտեսել մարդկանց, ում ճակատագիրը որոշում ես», ըսաւ պաշտպանը եւ յաւելեց, որ պէտք է առաջնորդուիլ այն սկզբունքով, որ Արցախի ժողովուրդը երբեւէ որեւէ կարգավիճակով պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Արցախցի պաշտօնեային գնահատմամբ` շատ վատ է, որ տարբեր հարթակներու մէջ տեղի ունեցող քննարկումներուն Արցախի ձայնը որպէս առանձին կողմ չի լսուիր:  «Մատների վրայ կարող ենք հաշուել հակամարտութիւններ, որտեղ հակամարտութիւն կրողը ներկայացուած չէ բանակցութիւններում, սա տարօրինակ է, պէտք է գանք այն կէտին, որ Արցախի ժողովրդի ներկայացուցիչները մասնակցեն իրենց ժողովրդի ճակատագրի որոշման բանակցութիւններին», ըսած է ան: