image

Արաքս գետի վրայ պատնէշի կառուցման նախագիծը կը համաձայնեցուի Թուրքիոյ հետ

Արաքս գետի վրայ պատնէշի կառուցման նախագիծը կը համաձայնեցուի Թուրքիոյ հետ

Արաքս գետը նախկին հուն վերադարձնելու համար պատնէշի կառուցման նախագիծը, անհրաժեշտութեան պարագային, կը համաձայնեցուի Թուրքիոյ հետ, «Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Արաքսաւան եւ Բուրաստան համայնքներու շրջանին մէջ Արաքս գետը նախկին հուն վերադարձնելու համար պատնէշի կառուցման արժէքը պիտի կազմէ մօտ 1 միլիոն տոլար:

Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն նշած են, որ ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ջրային կոմիտէի կողմէ կնքուած պայմանագրի համաձայն՝ շինարարական աշխատանքները պիտի իրականացուին «ԱՍ ՇԻՆ ՏՐԱՆՍ» ընկերութեան կողմէ։

«Ներկայումս ընթանում են նախագծային փաստաթղթերը ՌԴ սահմանապահ զօրքերի ղեկավարութեան, անհրաժեշտութեան դէպքում նաեւ թուրքական կողմի հետ համաձայնեցնելու ու դրանց ընթացակարգերի վերաբերեալ քննարկումներ անելու փուլերը, որոնց աւարտից յետոյ կը մեկնարկեն շինարարական աշխատանքները», - նշուած է պատասխանին մէջ։

Վերոյիշեալ պայմանագրի եւ նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու համաձայն՝ շինարարական աշխատանքներու տեւողութիւնը 16 ամիս է։