ԱՄՆ-ի Մերիլենտի համալսարանի բժշկական կեդրոնի վիրաբուժներու խումբը առաջին անգամ յաջողութեամբ մարդուն ծինայնօրէն փոփոխուած խոզի սիրտ փոխպատուաստած է:
Փոխպատուաստումը կատարուած է 57-ամեայ Տէյվիտ Պենեթի վրայ, ով սրտի անբուժելի հիւանդութիւն ունէր։ Անոր մերժած էին ԱՄՆ-ի քանի մը առաջատար փոխպատուաստման կեդրոններու մէջ մարդու սրտի փոխպատուաստման դասական վիրահատութեան համար, եւ փորձարարական վիրահատութիւնը անոր վերջին յոյսն էր:
Վիրահատութենէն անցած է երեք օր, եւ հիւանդը, ըստ մասնագէտներու, իրեն լաւ կը զգայ:
Վիրաբուժներուն խօսքով՝ վիրահատութիւնը ցոյց տուած է, որ կենդանիի ծինայնօրէն փոփոխուած սիրտը կրնայ գործել մարդու սիրտի նման՝ առանց օրկանիզմին կողմէ ընդդիմութեան:
Յառաջիկայ քանի մը շաբաթները հիւանդը պէտք է անցընէ մասնագէտներու խիստ հսկողութեան ներքոյ։ Վիրաբուժները լաւատես են եւ կը կարծեն, որ ապագային նման վիրահատութիւններու իրականացումը թոյլ պիտի տայ մօտենալ նուիրատու օրկաններու պակասի խնդիրի լուծման։