Լիբանանի մէջ օրերս տիրող քաղաքական անկայուն վիճակին, ինչպէս նաեւ վերջինիս ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տիրող լարուած կացութեան պատճառով Արաբական Ծոցի երկիրներ գտնուող մօտ 500 հազար լիբանանցի արտաքսուելու մտահոգութեան մատնուած են:
«Ալ Արաբիա» լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին լիբանանցի-սէուտցի գործարարներու խորհուրդի նախագահ Ռաուֆ Ապու Զաքի յայտնած է. «Սարսափի այս ալիքը անտեղի է, եւ լիբանանցիները Արաբական Ծոցի երկիրներէն արտաքսելու որոշումը երեւակայութեան արդիւնք է»:
Վերջինս նշած է նաեւ, թէ զոյգ երկիրներու ժողովուրդներուն եւ կառավարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը թոյլ չեն տար, որ Սէուտական Արաբիա արտաքսէ Լիբանանի քաղաքացիները: Ապու Զաքի մանրամասնած է, որ պատմական կապեր ըսելով նկատի ունի երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական փոխադարձ շահերու, առեւտրական փոխանակումներու եւ համատեղ ներդրումներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները:
Լիբանանցի տնտեսագէտ Ճասէմ Աճաքա նոյնպէս համակարծիք է Ապու Զաքիին, եւ համոզուած է, որ երկու գլխաոր հանգամանքներ կան, որոնք թոյլ չեն տար, որ Արաբական Ծոցի երկիրները արտաքսեն իրենց մօտ գտնուող լիբանանցիները:
Առաջին հանգամանքը Արաբական Ծոցի երկիրներու մշտական աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնն է Լիբանանին, որ չի կրնար խաթարուիլ «Հըզպալլա»ի դէմ Ծոցի երկիրներուն ունեցած թշնամանքով:
Երկրորդ հանգամանքը լիբանանցի աշխատուժի կարեւոր դերն է Ծոցի երկիրներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ այնտեղ մօտ 500 հազար լիբանանցի տարբեր պաշտօններ, այդ թուին՝ ղեկավար դիրքեր կը զբաղեցնեն, եւ զանոնք արտաքսելով այդ երկիրները լուրջ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնին: