image

Արաբական դաշինքը կը շարունակէ հարուածել Եմէնը

Արաբական դաշինքը կը շարունակէ հարուածել Եմէնը

Սուտական Արաբիան եւ անոր դաշնակիցները յարձակումներ իրականացուցած Եմէնի տարածքին եւ, մասնաւորապէս, երկրի մայրաքաղաք Սանաայի շրջաններուն վրայ:

Դաշինքին կործանիչները հինգ հարուած հասցուցած են Սանաայի Նահտին եւ Խաֆա շրջաններուն, ինչպէս նաեւ գրոհած են Սանաայի ծայրամասին գտնուող Ֆաճ Աթթան շրջանը:

Բացի այդ, Սէուտական Արաբիոյ կործանիչները օդանաւային երեք հարուած հասցուցած է Սանաա մայրաքաղաքային մարզի Ճարպան շրջանին, երկու հարուած Արհապ շրջանին եւ երկու գրոհով ոչնչացուցած են հեռահաղորդակցութեան ցանցը Հաուլանի Հոսն շրջանին մէջ:

Զոերու մասին տեղեկութիւններ այս պահին չկան: Եմէնի մէջ արդէն մէկ շաբաթէ անջատուա է համացանցը, քանի որ յարձակման հետեւանքով կործանուած է Հոտէյտայի մէջ հեռահաղորդակցութեան հանգոյցը: