image

Ապտըլ Լահիան ցասում արտայայտած է Պաքուի վարմունքին

Ապտըլ Լահիան ցասում արտայայտած է Պաքուի վարմունքին

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ամիր Ապտըլ Լահիան Ատրպէյճանի նորանշանակ դեսպան Ալի Ալիզատէի հաւատարմագրի պատճէնը ընդունած ժամանակ դժգոհութիւն յայտնած է ատրպէյճանցի սահմանապահներուն կողմէ իրանցի վարորդներու նկատմամբ ոչ-պատշաճ վերաբերմունքին, երկու վարորդի ձերբակալման առնչությամբ։ Ապտըլ Լահիան նաեւ զարմանալի ու ափսոսանք յարուցող անուանած է ատրպէյճանական կողմէ հնչող բացասական յայտարարութիւնները։

Ապտըլ Լահիան նշած է, որ զօրավարժութիւններու կայացումը երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ մատնանշելով Իրանի սահմաններուն մօտ սիոնիստական կարգի գործողութիւնները, յաւելած է. «Իրանը չի հանդուրժեր իր ազգային անվտանգութեան դէմ սիոնիստական կարգի ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը եւ այդ առումով պիտի իրականացնէ որեւէ անհրաժեշտ քայլ»։ Դեսպանը, իր հերթին, յոյս յայտնած է, որ վերջին եղելութիւնները կը հարթուին երկու  երկիրներու պաշտօնեաներու երկխօսութեան միջոցով:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը զարմանք յայտնած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի զինուած ուժերուն կողմէ տեղի ունեցող զօրավարժութիւններուն առնչութեամբ: Իրանի զինուորականներու գործողութիւնները Ալիեւը որակած է «զգացմունքային արձագանգ» Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան-Իրան միջպետական ճանապարհին իրանեան բեռնատարներու վարորդներէն «ճանապարհային հարկ» գանձելու որոշման: