image

Ապացոյցները կը վկայեն, որ յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է անզգուշութեամբ. ՔԿ նախագահը՝ «Սուրմալու»-ի պայթումի պատճառներու մասին

Ապացոյցները կը վկայեն, որ յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է անզգուշութեամբ. ՔԿ նախագահը՝ «Սուրմալու»-ի պայթումի պատճառներու մասին

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի քրէական գործով  չկայ որեւէ փաստական տուեալ, որ կը վկայէ ահաբեկչութեան կամ այլ դիտաւորեալ յանցակազմի առկայութեան մասին։ Այս մասին Կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան։

«Քրէական գործով տարբեր վարկածներ են քննարկւում։ Առկայ ապացոյցները աւելի շատ վկայում են անզգուշութեամբ տեղի ունեցող յանցագործութեան մասին»,-ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահը։

Անդրադառնալով պայթումի հնարաւոր պատճառներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պայթումի տեսագրութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ այդտեղ ահաբեկչական որեւէ գործողութեան տրամաբանութիւն բացառուած է։