«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի քրէական գործով չկայ որեւէ փաստական տուեալ, որ կը վկայէ ահաբեկչութեան կամ այլ դիտաւորեալ յանցակազմի առկայութեան մասին։ Այս մասին Կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան։
«Քրէական գործով տարբեր վարկածներ են քննարկւում։ Առկայ ապացոյցները աւելի շատ վկայում են անզգուշութեամբ տեղի ունեցող յանցագործութեան մասին»,-ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահը։
Անդրադառնալով պայթումի հնարաւոր պատճառներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պայթումի տեսագրութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ այդտեղ ահաբեկչական որեւէ գործողութեան տրամաբանութիւն բացառուած է։