image

Այսօր Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանկական Եւրատեսիլ 2025»-ը

Այսօր Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանկական Եւրատեսիլ 2025»-ը

Այսօր Թիֆլիսի մէջ, ժամը 20.00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Մանկական Եւրատեսիլ 2025»-ը։ Մրցոյթին այս տարի պիտի մասնակցի 18 երկիր։ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 12-ամեայ Ալպերթ Արմենակեանը՝ «Brave Heart» երգով։

Քուէարկութեան առաջին փուլը սկսած է գիշերը եւ պիտի աւարտի այսօր՝ ժամը 19:59-ին։ Քուէարկել հնարաւոր է աշխարհի որեւէ կէտէ, այդ շարքին՝ ՀՀ-էն:

Առցանց քուէարկութեան երկրորդ փուլը պիտի մեկնարկի ուղիղ եթերի ընթացքին՝ վերջին երգի կատարումէն ետք. քուէարկութիւնը պիտի տեւէ 15 վայրկեան։

Քուէարկելու համար պէտք է այցելէ՛ք www.jesc.tv կայք, դիտէ՛ք բոլոր ելոյթներու նախադիտումները, անվճար քուէարկէ՛ք Ալպերթի եւ ձեր նախընտրած 2 այլ երկրի պատուիրակներու օգտին (մրցոյթի կանոններու համաձայն պարտադիր է ընտրել 3 երկիր):