Շատ-շատերուն համար զարմանալի պիտի թուի, որ խորունկ իսլամական հայեցակարգ ունեցող եւ այսօրուան աշխարհին մէջ արդիականութեան կեդրոն հանդիսացող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Քրիստոնէական կառոյց մը, այս պարագային՝ Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի մը իր գմբէթին օրհնաբեր խաչ ունենալու իրաւունքին տիրացած է։
Ձեռքբերումը, որ եղած է շնորհիւ տեղի համայնքի զաւակներուն մեծ նուիրումին եւ հաւատարմութեան ճամբով՛ ձեւով մըն ալ արգասիքն է, այն աշխատանքներուն, որ վերջին տարիներուն կ՚իրականացնէ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանը, որ շնորհիւ իր բարեխնամ եւ կուռ ներկայութեան կարողացած է հանդիսանալ սիրելի եւ տիրական հոգեւոր առաջնորդ մը ինչպէս հայութեան, այնպէս ալ տեղի իշխանութիւններուն համար։
«Արեւելք» շատ բարձր կը գնահատէ Սրբազան Հօր աշխատանքը մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ եւ երկար ու արդիւնաւէտ ծառայութիւն։
Ի վերջոյ չմոռնանք հաստատելու, որ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. գործած է ու պիտի գործէ միշտ բնաբան ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ոսկեկուռ խօսքերը, ըստ որուն ՝ «Կիլիկեան Աթոռի հզօրութեան աղբիւրը ժողովուրդն է, իսկ ծառայութեան դաշտը դարձեալ ժողովուրդն է»։
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Շարժայի տեղի ունեցած խաչերու օրհնութեան մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Ձեռամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի 21 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին օծումը կատարուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գմբէթներու խաչերուն:
Արաբական Ծոցի երկիրներէն ներս գործող զոյգ հայկական ճարտարապետութեան կառուցուած եկեղեցիներու գմբէթները մինչեւ օրս առանց խաչի կը մնային: Վերջերս Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ դիմումնագիր ներկայացնելով երկրի իշխանութեան, բացառիկ արտօնութիւն կրցաւ ձեռք բերել գմբէթներուն վրայ խաչերը զետեղելու:
Այս առիթով յատուկ խաչի օծման արարողութիւն կատարուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, ուր Սրբազան հայրը իր օրուայ պատգամին մէջ վեր առնելով Պօղոս Առաքեալի գաղատացիներուն գրած նամակի՝ «Քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ .6.14) տողը. խօսեցաւ խաչի կարեւորութեան մասին համաքրիստոնէական կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութեան, դերակատարութեան ու ներկայութեան մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, քրիստոսաբանութեան եւ ծիսագիտութեան մէջ, մատնանշելով որ խաչը փրկութեան, յաղթանակի ու յաւիտենականութեան խորհրդանիշ է, որուն վրան խաչուած Քրիստոսը մարդուն դիմաց ընծայեց երկինքի արքայութեան արժանանալու, մեղքերու թողութիւն շնորհելու եւ շնորհքներ ստանալու առիթները, պարծանքի եւ պատկանելիութիւն տալով քրիստոնեայ հաւատացեալին: Հայկական աստուածաբանութեան մէջ Գրիգոր Տաթեւացին նաեւ մեկնելով խաչի չորս թեւերու նշանակութիւնը կը բնութագրէ որպէս՝ սիրոյ, խոնարհութեան, համբերութեան եւ հնազանդութեան առաքինութիւններ, որոնք յատկանիշներն էին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու առաքելութեան եւ որպէս պարգեւներ տրուեցան մարդուս իր կեանքի առաջնահերթութիւնը դարձնելու, փրկուելու եւ երկինքի արքայութիւնը ժառանգելու համար:
Ապա՝ շարունակելով ըսաւ՝ «27 տարիներ սպասելէ ետք Աստուծոյ շնորհքով ու մեր ժողովուրդի հաւատքով արժանացանք Շարժայի եկեղեցւոյ գմբէթներուն վրայ բարձրացնելու, Ծոցի երկիրներու տարածաշրջանէն ներս գործող զոյգ հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած եկեղեցիներէն մէկուն գմբէթները. այս պարագային Շարժայի մէջ գործող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին գմբէթները զարդարելու հայկական քառաթեւ դէպի երկինք սլացք ունեցող խաչերով, այսպիսով բարձրացուցած կ'ըլլանք հայկական առաջին խաչերը որոնք մեր ժողովուրդի հաւատքի ամրապնդման ու զօրացման առիթ պիտի ստեղծեն: Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ ականատես եղանք պատմական եւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած իրադարձութեան մը, վստահ եմ որ բոլորս տարբեր զգացական պահեր կ'ապրինք այժմ ի դիմաց մեր հաւատքի նշանին՝ խաչերու օծման, ուրախութիւնը բոլորիս է, հետեւաբար ամուռ մնանք մեր հաւատքին մէջ»:
Ապա՝ եզրակացնելով խօսքը յանուն ժողովուրդին ու Ազգային Իշխանութեան Սրբազան հայրը խորին երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի իշխանութեան ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Շարժայի կառավարիչ ՝ Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամատ Ալ Քասիմիին, որ ընդառաջեց դիմումին արտօնելով խաչերու զետեղումը եկեղեցւոյ գմբէթներուն վրայ: Երեւոյթ մը որ հետեւեալ բարերով կարելի է բնութագրել՝ «Համերաշխ իշխանութեան՝ անախընթաց արտօնութիւնը»:
Սրբազան հայրը քարոզի աւարտին իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց անցնող 27 տարիներու ընթացքին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերող բոլոր ազգայիններուն եւ ժողովուրդին, որոնք յաճախակի կերպով իրենց փափաքը յայտնած էին գմբէթներուն վրայ խաչ զետեղելու հարցը:
Յատուկ կերպով գնահատանքի խօսք ուղղեց համալիրէն ներս երկար տարիներու ծառայութեան վաստակ ունեցող եւ ներկայիս Երեսփոխանական ժողովի անդամ ՝ Պրն. Զարեհ Գալայճեանին եւ իր ընտանիքին, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին խաչի կնքահայրութիւնը: Արժէ նշել որ Պրն. Զարեհը Սրբազան հօր հետ այս ծրագրի յաջողութեան առաջին իսկ օրէն աշխատեցաւ հետամուտ ըլլալով խաչերու զետեղման:
Արարողութեան իրենց ներկայութիւնը ունեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Դեսպան՝ Տիար Կարէն Գրիգորեանը եւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց գլխաւոր Հիւպատոս՝ Մեծարգոյ Տիար Արտակ Աւետիսեանը:
.jpg)

.jpg)
