Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալը նոյն զօրամասի պահեստապետի հետ նախնական համաձայնութեամբ, իշխանական եւ ծառայողական լիազօրութիւններն օգտագործելով, խումբով կատարած են խոշոր չափերու տիզելային վառելիքի յափշտակութիւն: Այս մասին յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն։
Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալը 700 լիթր տիզելային վառելիքի աւելցուկը չէ մուտքագրած պահեստ, այլ այն վաճառելու եւ գնորդ գտնելու նպատակով դիմած է նոյն զօրամասի դասակի հրամանատարին, որմէ ետք նշուած վառելիքը գնորդի մեքենայով դուրս բերուած է զօրամասէն ու վաճառուած, իսկ գումարը բաժնուած է նշուած անձանց միջեւ: Նախաքննութեամբ պարզուած է նաեւ, որ ատկէ ետք նոյն մեքենայով փորձած են զօրամասէն դուրս բերել եւս 2 թոն տիզելային վառելիք՝ դարձեալ վաճառելու նպատակով, սակայն խումբի անդամները յանցաւոր արարքը չեն կրցած աւարտին հասցնել, քանի որ պահեստապետը ձերբակալուած եւ տեղափոխուած է Հակափտածութեան կոմիտէ:
Յափշտակութեան եւ ատոր փորձի համար ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 256-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով եւ 44-256-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ կէտերով մեղադրանքներ ներկայացուած են զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալին եւ պահեստապետին:
Մեղադրանքներ ներկայացուած են նաեւ դասակի հրամանատարին եւ վառելիքի գնորդին: Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է տնային կալանքը: Նախաքննութեան ընթացքին պետութեան պատճառուած վնասն ամբողջութեամբ վերականգնուած է:
Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնն աւարտած է, եւ վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են ՀՀ հակափտածութեան դատարան: