Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի անձնական կեանքի գաղտնիութիւնը խախտելու դէպքի առթիւ քննչական կոմիտէի կողմէ իրականացուող քրէական վարոյթով ստացուած է դատա-տեսաձայնագրային եւ դիմանկարային փորձաքննութեան եզրակացութիւնը, որով հաստատուած է տեսանիւթերու մէջ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի պատկերուած ըլլալու հանգամանքը։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:
Հարցին՝ որու տրամադրուած է եզրակացութիւնը, յայտնեցին, որ եզրակացութեան պատճէնը տրամադրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այդ տեսանիւթերու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած յանձնախումբի անդամներէն մէկուն։
Յիշեցնենք, Արշակ Սրբազանի փաստաբան Արսէն Բաբայեանը յայտնած էր, որ Արշակ սրբազանը դեռ չէ ծանօթացած եզրակացութեան բովանդակութեան։