 
                    Հոկտեմբեր 26-ին, Գիւտ Խաչի տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Մակար եպիսկոպոս Յակոբեանի։
Քահանայական կոչման պիտի արժանանան եկեղեցական տարբեր կառոյցներու մէջ սպասաւորող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան վեց սարկաւագներ:
Նախորդ օրը՝ երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մայր Տաճարի Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ պիտի կատարուի ձեռնադրուողներու ընծայման կարգը:
Տօնի առիթով հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս պիտի բերուի նաեւ Փրկիչի Խաչափայտի մասունքը, որ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ Երեկոյեան ժամերգութիւն։
Սուրբ Պատարագի սկիզբը՝ ժամը 10:30-ին։