image

ՀԱԿ-ը առանձին պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն. Վարչապետի թեկնածուն է Լեւոն Զուրաբեան

ՀԱԿ-ը առանձին պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն. Վարչապետի թեկնածուն է Լեւոն Զուրաբեան

«Հայ ազգային կոնգրես»ը առանձին պիտի մասնակցի 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Այս մասին այսօր՝ դեկտեմբեր 26–ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է «Հայ ազգային կոնգրես»ի անդամ Արամ Մանուկեանը։

Նշուած է, որ «Հայ ազգային կոնգրես»ի նախընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Լեւոն Զուրաբեանը եւ ան ալ պիտի ըլլայ վարչապետի թեկնածուն։

Լեւոն Զուրաբեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ ժողովուրդը պէտք է լրջագոյն ընտրութիւն կատարէ եւ իշխանութեան բերէ այնպիսի ուժեր, որոնք խելացի, իրատեսական մօտեցում ունին առկայ խնդիրներու լուծման համար։

«2026-ի ընտրութիւնները պատմական շանս են հայ ժողովրդի համար՝ վերաիմաստաւորելու անցած ուղին, ընտրելու Հայաստանի զարգացման, անվտանգութեան ապահովման ամենաճիշդ ռազմավարութիւնը»,-ըսած է Լեւոն Զուրաբեանը։