Հայ Օգնութեան Միութեան Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի «Լէօլա Սասունի» (Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց) մասնաճիւղը, օրերս, կալա ընթրիքով մը նշած է իր հիմնադրութեան 115-ամեակը։
«Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղը հիմնուած է 1910-ին։ Մասնաճիւղը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս կրած է զանազան անուններ, որոնց կարգին Ուաթըրթաուն, Սիրանուշ, իսկ 1982-ին անդամուհիներու փափաքով ան կրած է անունը Սարդարապատի հերոսուհիներէն Կարօ Սասունիի տիկնոջ` Լէօլա Սասունի անունը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ horizonweekly-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի «Լէօլա Սասունի» (Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց) մասնաճիւղին հիմնադրութեան 115-ամեակը նշուեցաւ Հայկական Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին սրահին մէջ, կալա ընթրիքով մը։
«Լէօլա Սասունի» մասնաճիւղը հիմնուած է 1910-ին։ Մասնաճիւղը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս կրած է զանազան անուններ, որոնց կարգին Ուաթըրթաուն, Սիրանուշ, իսկ 1982-ին անդամուհիներու փափաքով ան կրեց անունը Սարդարապատի հերոսուհիներէն Կարօ Սասունիի տիկնոջ` Լէօլա Սասունի անունը։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Նարդուհի Ապրիմեան, խօսք առնելով նշեց․- «Մասնաճիւղս կը գոյատեւէ շնորհիւ անդամներուն եւ համայնքի նուիրատուներուն, որոնց օժանդակութիւնը եղած է մեր յաջողութեան հիմնաքարը։ Հ․Օ․Մ․-ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ծառայելով հայ ժողովուրդի կարիքներուն, միշտ ալ կիրարկելով ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ՝ ԾՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ տեսլականը»։

Ան նշեց նաեւ թէ տարեց եւ երիտասարդ ձեռք ձեռքի տուած, կազմակերպեցին այս շքեղ երեկոն գնահատելու մասնաճիւղին ծառայած անդամներ, որոնք տարիներ շարունակ անխոնջ աշխատեցան։
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց գանձապահ Դալար Ապտալեան, որ հաստատեց, թէ Հ․Օ․Մ․-ի արեւելեան շրջանը հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին, կը գործէ՝ բազմապիսի ծրագրեր իրականացնելով։
Նաեւ, խօսք առաւ հանգստեան կոչուած Արժանապատիւ Աւագ Քահանայ Տէր Անդրանիկ Պալճեան, որ տարիներ շարունակ ծառայած է շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ։
Այս առիթով պարգեւատրուեցաւ յիսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհի Մարի Արապեան։ Նաեւ յատուկ նուէրներ ստացան ընկերուհիներ Յասմիկ Տէր Վարդանեան, Արփի Տօնապետեան, Շաքէ Յակոբեան, Օլկա Յովակիմեան, Լուիզա Խրիմեան, Նուարդ Գույումճեան, Ֆլորա Մաթոսեան, Զապէլ Մելքոնեան, Մարի Մոմճեան, Եղիսաբէթ Սարգիսեան եւ Շուշան Ստեփանեան, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայեն Հ․Օ․Մ․-ի շարքերէն ներս։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Գանատայէն հրաւիրուած Թամար Փանոսեան, որ Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի փունջ մը երգերով սրահին մէջ ստեղծեց հայկական մթնոլորտ մը։ Այս հանդիսութեան ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ։ Թամար Փանոսեանը ծանօթ է գանատահայութեան: իր սէրը Հայ մշակոյթի հանդէպ զինք մղած է հետեւելու ձայնամարզութեան դասերու, յատկապէս խորանալով հայ ժողովրդական եւ աշուղական երգերու մեկնաբանման ճիւղին մէջ:
DJ Arden-ը երեկոն յաւելեալ ճոխացուց, իր գեղեցիկ նուագներու եւ երգերու շարքով։