image

Անկարան կ'աջակցի Պաքուին․ Թուրքիոյ ՊՆ

 Անկարան կ'աջակցի Պաքուին․ Թուրքիոյ ՊՆ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 19 սեպտեմբերին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ։ Հասանովն իր թուրք գործընկերոջը տեղեկացուցած է այսպէս կոչուած «տեղական հակաահաբեկչական միջոցառումներու» մասին։

Զրոյցի ընթացքին Եաշար Կիւլերը նշած է, որ Թուրքիան, ինչպէս միշտ, մօտ է Ատրպէյճանին։ Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ այլ հաղորդագրութեան՝ 19 սեպտեմբերին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ Քերիմ Վալիեւի եւ Թուրքիոյ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ Մեթին Կուրաքի միջեւ։ Կրկին ընդգծուած է, որ Թուրքիան, ինչպէս միշտ, մօտ է Ատրպէյճանին։