image

Անգարան չի ճանչնար Խրիմի թերակղզիի անօրինական բռնակցումը Ռուսիոյ. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

Անգարան չի ճանչնար Խրիմի թերակղզիի անօրինական բռնակցումը Ռուսիոյ. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

«Խրիմի թերակղզիի անօրինական բռնակցումը չճանչնալու եւ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու հարցով Անգարայի դիրքորոշումն անփոփոխ է»,- ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Մենք կը շարունակենք ուշադիր հետեւիլ Խրիմի իրադարձութիւններու զարգացման, եւ գլխաւորապէս Խրիմի թաթար թուրքերու վիճակին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գերատեսչութիւնը Խրիմի միացումը Ռուսիոյ որակած է «բռնակցում», եւ աւելցուցած, որ այդ միջազգային իրաւունքի խախտում է: