image

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի հանդիպումները Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ Շրջանային իր այցելութիւններու ընդհանուր ծիրէն ներս

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի հանդիպումները Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ Շրջանային իր այցելութիւններու ընդհանուր ծիրէն ներս

ՀԲԸՄ-ի  Մամուլի Կեդրոնական Գրասենեակէն  վերահասու կը դառնանք՝ 

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ, սփիւռքահայ համայնքներու տուած իր շրջանային այցելութիւններու ծիրէն ներս 19-23 Փետրուար 2026-ին, այցելեց  Կիպրոս եւ Յունաստան: 

Նախագահին կ'ընկերանար պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեան, Կեդրոնական Վարչութեան Գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըգճեան, Ֆինանսական Գլխաւոր Տնօրէն Մարք Կիթլըն եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային Տնօրէն Արին Ղազարեան: 

Այցելութիւններ՝ Նիկոսիա եւ Լառնաքա

Կիպրոսի մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան մասնաճիւղի նախկին եւ փոխանցման շրջանի վարչականներուն, ինչպէս նաեւ համայնքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ: Արածարծուած նիւթերը կը վերաբերէին ընթացիկ կարիքներու, հետագայ կարելիութիւններու եւ ծրագրային նախաձեռնութիւններու, ուղղուած ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան եւ անոր ընդլայնուող ներկայութեան Կիպրոսի մէջ: Նախագահ Սէմ Սիմոնեան այցելեց նաեւ նախկին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տարածքը, ուր ատենին յաճախած էր իր հայրը: 

Պաշտօնական հանդիպումներու ծրագրին մաս կը կազմէին խորհրդակցութիւններ Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տան Անդամ Վարդգէս Մահտէսեանի, Կիպրահայոց Առաջնորդ Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանի եւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Դեսպան Վսեմաշուք Ինա Թորգոմյանի հետ, որոնց ընթացքին նիւթ դարձան կիպրահայ համայնքի կենսունակութեան նպաստող ազդակները, շեշտելով համայնքի, եկեղեցիի եւ Պետական կառոյցներու միջեւ սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը: 

Նիկոսիոյ մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն իր այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դաւիթ Կարապետյանին: 

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Միութեան Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Պենոն Սեւանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց մասնակիցներ՝ Կիպրոսի համայնքային կազմակերպութիւններէ եւ տարբեր կառոյցներէ: 

Իր ելոյթի ընթացքին, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան ընդգծեց ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան տեսլականը որմով իբր միութեան մէջ հասակ առած անհատ, կը կողմնորոշուէր ինք: Աջակցութիւն ոեւէ հայու, ինչ որ ալ ըլլան անոր պատկանելութիւնը եւ համոզումները, ծառայութիւն Հայրենիքին, անկախ երկրի կառավարութեան բնոյթէն: «Այս սկզբունքները կազմաւորած են զիս կանուխ տարիքէս: Այսօր մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Կիպրահայ մեր համայքին վրայ, թէ ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կրնանք իրականացնել, որոնցմով կրնայ հպարտ զգալ հայութիւնը»:

Մասնաճիւղի փոխանցման շրջանի վարչութեան հետ հանդիպումի ընթացքին, Նախագահը ներկայացուց իր տեսլականը ներկայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ, նախապատուութիւն տալով Կիպրոսի մէջ մշակութային, արհեստավարժական եւ մարզական ծրագիրներու միջոցաւ հայ ինքնութեան պահպանումին եւ երիտասարդներու ներգրաւումին, զանոնք մասնակից դարձնելով Միութեան համընդհանուր գործունէութեան: Իրենց կարգին, մասնակիցները հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը պահպանելու կազմակերպութեան կայունութիւնը եւ աշխոյժ ու արդիւնաւետ գործունէութիւնը Կիպրոսի մէջ: 

ՀԲԸՄ-ի Լառնաքայի մասնաճիւղը Ատենապետութեամբ Ռուբէն Գալայճեանի, կազմակերպած էր ողջերթի հաւաքոյթ մը եւ այցելութիւն՝ Միութեան Լառնաքայի Հայ Մշակութային Կեդրոնին:

Այցելութիւն՝ Աթէնք

Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան այցելութիւններու այս շարքին երկրորդը Յունաստանն էր, ուր անոնք հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան Յունաստանի մէջ Միութեան ռազմավարական յետագայ ծրագիրներուն վերաբերեալ:

Յատուկ կերպով կազմակերպուած հիւրասիրութեան մը ընթացքին, Նախագահը եւ իր ընկերակիցները հանդիպեցան միութենական եւ համայնքային ներկայացուցիչներու, իսկ աւելի վերջ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի անդամներուն հետ, Ատենապետութեամբ Արիս Խաչատուրիանի: Անոնք նաեւ այցելեցին տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի Արթաքի Գալփագեան Նախակրթարանը: Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդարան կատարուած պաշտօնական այցելութեամբ, պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանին հետ: 

Նախագահ Սիմոնեանի ընդհանուր շրջագայութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ամիսներուն։

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայ կեանքերու բարելաւումին՝ կրթական, մշակութային, հասարակական-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները իրենց բարերար ազդեցութիւնը կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:  

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը: 

 

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Photo 1: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece:  Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ՀԲԸՄ-ի Նիկոսիոյ մասնաճիւղի փոխանցման շրջանի վարչութեան  հետ, Միութեան կեդրոնին մէջ, Կիպրոս:

Photo 2: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece: ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Նազարէթ Ֆըսթըգճեան եւ Վազգէն Եագուպեան Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերաշնորհ Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանի հետ Կիպրոսի Առաջնորդարանին մէջ:

Photo 3: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ եւ Գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըգճեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Պենոն Սեւան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեան եւ ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան:

Photo 4: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece: ՀԲԸՄ-ի Լառնաքայի Ատենապետ Ռուբէն Գալայճեան, եւ ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի պաշտօնէութենէն Գարեգին Կոստանեան, Կ'ընկերանան Նախագահ Սէմ Սիմոնեանին եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, Լառնաքայի մէջ ՀԲԸՄ-ի Մշակութային Կեդրոնի եւ վերանորոգուած գրադարանի իրենց այցելութեան ընթացքին:

Photo 5: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece: ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի անդամները ՀԲԸՄ-ի Արթաքի Գալփագեան Վարժարանին առջեւ:

Photo 6: S. Simonian Touchpoints Tour: Cyprus and Greece: ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ՀԲԸՄ-ի Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի անդամներուն ընկերակցութեամբ, Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանին տուած իրենց այցելութեան ընթացքին:

 

Լրատուական Տեղեկութիւններու համար՝

AGBU Press Office

55 East 59th Street
New York, NY 10022-1112

Phone: 212.319.6383
Email: press@agbu.org