image

Մարդասիրական նեցուկին համար Արաքչին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին

Մարդասիրական նեցուկին համար Արաքչին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին IRNA գործակալութեան հետ հարցազրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Թեհրանը ստացած է Ուաշինկթընի առաջարկները եւ այժմ կ՚ուսումնասիրէ զանոնք։

Միեւնոյն ժամանակ Արաքչին նշած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը մտադիր չէ մտնել բանակցութիւններու մէջ, որոնց նպատակը, իր խօսքով, միայն յարձակողի պայմաններով հակամարտութեան ժամանակաւոր մեղմացումն է։

«Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է. մենք երկխօսութիւն չենք փնտռեր յանուն երկխօսութեան եւ պիտի չնահանջենք մեր օրինական պահանջներէն՝ յանուն պատրանքային հրադադարի։ Ամէն որոշում պիտի կայացուի միայն մեր սահմաններու եւ ազգային շահերու լիակատար անվտանգութեան ապահովումէն ելլելով, եւ ոչ թէ արտաքին ուժերու թելադրանքով։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է դրացի երկիրներուն՝ Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Թուրքիոյ, Թուրքմենիստանին, Աֆղանիստանին եւ Սէուտական Արաբիոյ՝ քաղաքացիներու տարհանման գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան համար։