image

Իրան կ՚ուզէ, որ Լիբանանը ներառուի hրադադարի որեւէ hամաձայնագրի մէջ. Reuters

Իրան կ՚ուզէ, որ Լիբանանը ներառուի hրադադարի որեւէ hամաձայնագրի մէջ. Reuters

Իրանը միջնորդներուն յայտնած է, որ Լիբանանը պէտք է ներառուի ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հետ հրադադարի որեւէ համաձայնագրի մէջ։ Այս մասին յայտնած են Իրանի դիրքորոշման ծանօթ տարածաշրջանային վեց աղբիւրներ՝ պատերազմի աւարտը կապելով «Հըզպալլա»ի դէմ Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցման հետ։ Կը հաղորդէ Reuters-ը։

Իրանական Press TV-ն յայտնած է, որ Թեհրանը կ՚ուզէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ գործարք ապահովէ պատերազմի դադրեցումը թէ՛ Իրանի եւ թէ տարածաշրջանի այլ դիմադրութեան խմբաւորումներու դէմ։

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան Reuters-ին յայտնած է, որ Թեհրանը տակաւին կը վերանայի ԱՄՆ-ի առաջարկը՝ դադրեցնելու մօտ մէկ ամիս շարունակուող տարածաշրջանային պատերազմը՝ նշելով, որ առայժմ զերծ մնացած է զայն ուղղակի մերժելէ։

Տարածաշրջանային վեց աղբիւրները, որոնք խօսած են անանուն մնալու պայմանով, ըսած են, որ Թեհրանը դեռ Մարտի կէսերուն տեղեկացուցած էր միջնորդները, որ կը ձգտի այնպիսի գործարքի, որ նաեւ կը դադրեցնէ Իսրայէլի յարձակումները լիբանանեան զինուած «Հըզպալլա» խմբաւորման դէմ։