image

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը այցելած է Սրբազան հօր

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը այցելած է Սրբազան հօր

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, հիւրընկալած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարչութեան ատենապետ բժշկ. Արամ Աւետիսեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն։

Սրբազան Հայրը գնահատեց, օրհնեց եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան գործունէութիւններուն։