Լիբանանահայ հասարակական գործիչ ՝ Յակոբ Հաւաթեան կը գրէ ՝
Շաբաթ, 2 յուլիսին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարեցինք «Պէյրութ՝ լոյսերու օրրան» հաւաքական ցուցահանդէսին: Կիւլէնը մասնակից էր, թէեւ ներկայ չկրցաւ գտնուիլ: Յիշատակեցինք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած արուեստագէտները՝ Կիւվտէր, Ռոզվարդ Սեսեռեան, Զաւէն Խտըշեան եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան:
Ցուցահանդէսի բացումէն քանի մը օր առաջ դարձեալ խօսեցանք եւ իր ներկայացնելիք գործերը յստակացուցինք: Ձայնը դժուար լսելի էր եւ բաւական յոգնած էր, բայց ցուցահանդէսի բոլոր մանրամասնութիւններուն անդրադարձաւ: Կիւլէն ցուցասրահի հիմնադրութեան օրէն դարձաւ մեր գործունէութեան ջատագով եւ մի՛շտ քաջալերեց երիտասարդ տաղանդներու մասնակցութիւնը:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի իր բացակայութեան ու գործերը յաւերժ կը դարձնեն յիշատակը:
Վարձքդ կատա՛ր ազնիւ եւ վաստակաշատ արուեստագէտ: Լոյսդ անմար կը մնայ ցուցասրահին եւ մեր հոգիներուն ու սիրտերուն մէջ