ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Wall Street Journal-ի կազմակերպած միջոցառման յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրել, որ երկիրը վերադարձնէ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան հետեւանքով կորսնցուցած տարածքները։
Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ բոլոր ընթացիկ գործողութիւնները՝ Ուքրանիոյ ապահովելու անհրաժեշտ ամէն ինչով՝ կորսնցուցած տարածքները վերադարձնելու եւ պաշտպանելու համար։
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները, ըստ Պլինքընի, նաեւ տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի։
Ընդ որում, ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը Ղրիմը Ուքրանիոյ վերադարձնելու վերաբերեալ յայտարարութիւններ չէ ըրած՝ նշելով, որ Քիեւի իշխանութիւնները իրենք կ'որոշում՝ «երբ եւ ուր կ'ուզեն հասնիլ»։